2008-10-30 14:19:49

Կրօնաբարոյական հարցեր Քրիստոս` կեդրոն մարդկային պատմութեան


Անցեալ մեր զրոյցի ընթացքին` 5 արարներով համառօտ կերպով ներկայացուցինք Աստուծոյ ծրագիրը ի յաւիտենից մարդկութան նկատմամբ. Անշուշտ այսպէսով ներկայացուցինք ամբոյջականութիւնը ծրագրին, այնպէս ինչպէս մշակուած է Աստուծոյ կողմէ, մինչդեռ մարդկութեան համար, այս բոլոր դէպքերը իրարու կը յաջորդեն տարիներու ընթացքին եւ դարերու ընդմէջէն. Աստուած մեզի պէս չի տեսներ դէպքերը, անոր համար ամէն ինչ մէկ է ու անժամանակ, եւ այս բոլորին մէջ` կեդրոն մը կայ որուն կը դիմեն ամէնքը եւ ուրկէ ամէն բան կը ստանայ իր իմաստն ու լուսաւորումը. Այս ճառագայթող կեդրոնը իր անհուն ծրագրին նախագիծն ու հիմն է, անկէ կը բխի ամէն ինչ եւ ան է որ կը միացնէ իր մէջ բոլոր աշխարհի պատմութիւնը։

Այս կեդրոնը չէ նախապէս ստեղծուած առաջին աշխարհը. Չի կրնար ըլլալ նաեւ մարդկութիւնն ինքնին, որովհետեւ գիտենք թէ առաջին մարդը մեղանչեց եւ հաւա-տարիմ չեղաւ աստուածային ծրագրին. Իսկ գալով մեղաւոր աշխարհին, ան բոլորովին դուրս կը մնայ կեդրոնէն, իր ձախողութեան պատճառաւ։

Հարցումն է. Ու՞ր է ուրեմն կամ ո՞վ է այդ կեդրոնը մարդկային պատմութեան։

Մարդկային պատմութեան կեդրոնը Յիսուս-Քրիստոսն է, մարդացած Աստուածը, որ կը փրկէ ու կ՛ազատագրէ աշխարհը մեղքի գերութենէն. Այս աշխարհի մէջ է որ կը տեսնենք յաղթանակը Աստուծոյ սիրոյն եւ իրագործումը իր սրբազան ծրագրին։ Աստուծոյ համար` բոլոր աշխարհի կեդրոնն է Քրիստոսը որ կը թագաւորէ ամէնուն վրայ եւ կը լուսաւորէ ամէնքը։ ան է որ իր խաչով կը միացնէ մարդկութիւնը իրարու միջեւ եւ Աստուծոյ հետ։ Ան է որ աշխարհէն վեր կը բարձրանայ, ինչպէս արժանավայել է թագաւորի մը. Ան կը տարածէ իր բազուկները որպէսզի ընդգրկէ բոլոր մարդկութիւնը եւ զայն առաջնորդէ դէպի Աստուած։

Մացեալ բոլոր արարածները, ստեղծուած տիեզերքն ու մարդկութիւնը, Աստուծոյ աչքին չեն երեւիր եթէ ոչ Յիսուսով ու Յիսուսի մէջ։ Ահա այս է զարմնալի յայտնութիւնը զոր կը տարածէ քրիստոնէութիւնը. Աստուած ստեղծեց աշխարհը, որպէսզի իմացակա-նութեամբ օժտուած էակները դառնան յաւիտենապէս եւ ազատօրէն իր որդեգրեալ զաւակները, Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի միջոցաւ, որ աշխարհ եկաւ մարդոց մեղքերը քաւելու համար։

Այս է ուրեմն Աստուծոյ հայեցակէտը. Քրիստոս` որ կը քաւէ մարդոց յանցանքները եւ կը դառնայ կեդրոնը աշխարհի, զոր կը միացնէ ու կը սրբացնէ, այնքանով որքան մարդիկ կ՛ընդունին իր պատգամը. Եթէ այս է Աստուծոյ հայեցակէտը, նաեւ մերն ալ պէտք նոյնը է ըլլայ, եթէ կ՛ուզենք պատշաճ կերպով լուծել հարցերը, նոյնիսկ ամենա-նիւթական հարցերը, զոր կեանքը կը դնէ մեր առջեւ։

Քրիստոնեան այն անձն է որ Քրիստոսի սրտանց կ՛աշակերտի, կը միանայ իր կեանքին ու իր գործին։ Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանանկէ միանալ Քրիստոսի, ինչպէս մէկու մը զոր կը ճանչնանք մտերմօրէն, զոր կը սիրենք ջերմօրէն եւ որուն կը ծառայենք հերոսաբար։

Քրիստոնեան այն անձն է որ ամէն բանի լուծումը կը գտնէ միայն Քրիստոսի մէջ, թէ աշխարհի ստեղծումին եւ թէ մարդկային կեանքի իմաստին վերաբերեալ։

Մեր յաջորդ սփռումներուն` աւելի մանրամասն կերպով պիտի խօսինք այս նիւթին շուրջ, քննելով յաջորդաբար տիեզերքի ու մարդկային կեանքի զանազան արարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.